Տեր Արմեն Աթաջանյանը կարգալույծ է հռչակված 2019 թվականից,սակայն միշտ ներակայանում է որպես հոգևորական
Երուսաղեմի հայոց պատրիարքությունը հայտարարություն է տարածել․
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը հարկ կը նկատէ տեղեկացնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ օտար լրատուամիջոցներուն, որ Տիար Արմէն Աթաջանեան (նախկին՝ Էմմանուէլ Վարդապետ Աթաջանեան) կարգալոյծ հռչակուած է 2019 թուականի Մայիս 6-ին։
Սակայն, այս իրողութեան հակառակ, ան երբեք չէ դադրած հանրութեան առջեւ ներկայանալ իբրեւ հոգեւորական։ Տարբեր լրատուամիջոցներուն ան կը շարունակէ ներկայանալ որպէս Երուսաղէմի հայկական եկեղեցւոյ սպասաւոր՝ Հայր Էմմանուէլ Վարդապետ Աթաջանեան, եւ հարցազրոյցներ կու տայ՝ անդրադառնալով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածներուն, ինչպէս նաեւ Սուրբ Երկրին մէջ տիրող պատերազմական եւ այլ իրավիճակներուն։
Այսու կը տեղեկացնենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ օտար լրատուամիջոցներուն, որ Տիար Արմէն Աթաջանեան 2019 թուականէն ի վեր այլեւս հոգեւորական չէ։ Հետեւաբար ան իրաւունք չունի հանդէս գալու որպէս հոգեւորական կամ ներկայանալու որպէս «Երուսաղէմի հայկական եկեղեցւոյ սպասաւոր Հայր Էմմանուէլ Վարդապետ Աթաջանեան», ինչպէս նաեւ՝ հարցազրոյցներ տալու կամ հրապարակային մեկնաբանութիւններ կատարելու Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան, անոր կալուածներու եւ առնչակից այլ հարցերու վերաբերեալ։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան անունով պաշտօնական տեղեկութիւններ հաղորդելու իրաւասութիւնը վերապահուած է բացառապէս Սուրբ Աթոռոյ Դիւանատանը։
Կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ օտար լրատուամիջոցներուն՝ յարգելու վերոյիշեալ հանգամանքը եւ զերծ մնալու կարգալոյծ անձի կարծիքները կամ մեկնաբանութիւնները ներկայացնելուց որպէս Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պաշտօնական դիրքորոշում։
ԴԻՒԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌՈՅ
9 Մարտ, 2026
