Հալեպում կրկին վիճակը լարված է
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԴԷՄ ԴՆԵԼ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱԼԷՊԻ ԵՒ ԻՏԼԻՊԻ ԳԻՒՂԵՐՈՒՆ ՄԷՋ։ Այս մասին հաղորդում է «Գանձասար»-ը։
«Սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ զինուած ուժերը, որոնք կը գործեն Հալէպի եւ Իտլիպի գիւղերու ճակատներուն վրայ, կը շարունակեն դիմակայել այն մեծ յարձակումին, որ սկսած են այսպէս կոչուած «ալ-Նուսրայի ահաբեկչական ճակատի»-ն մաս կազմող զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները, որոնք, բացի անօդաչու թռչող սարքերէն, կ՚օգտագործեն տարբեր տեսակի ծանր եւ միջին զինատեսակներ եւ կը յենին օտարերկրեայ ահաբեկչական խումբերու աջակցութեան:
«Մեր զինուած ուժերը յաջողած են մեծ կորուստներ պատճառել յարձակող խումբերուն, որոնց շարքերուն մէջ հարիւրաւոր ահաբեկիչներ սպանուած և վիրաւորուած են, ոչնչացուած են տասնեակ զրահամեքենաներ եւ մեքենաներ, վար առնուած եւ ջախջախուած տասնեօթ անօդաչու թռչող սարքեր»:
Գլխաւոր հրամանատարութիւնը աւելցուցած է. «Մեր զինուած ուժերը կը շարունակեն ամրապնդել մարտական տարբեր առանցքներու բոլոր կէտերը՝ այդ առանցքներուն վրայ ահաբեկչական թափանցումները կանխելու և անոնց յարձակումները ետ մղելու համար։ Մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին»։ Գլխաւոր հրամանատարութիւնը եզրափակած է. «Ահաբեկչական խմբաւորումները իրենց հարթակներուն վրայ կը հրապարակեն ապակողմնորոշիչ տեղեկութիւններ, տեսերիզներ՝ քաղաքացիները ապակողմնորոշելու համար։ Ուստի կը թելադրուի հետեւիլ պետական պաշտօնական աղբիւրներու»:
«Գանձասար»-ի փոխանցմամբ՝ Ազգային Առաջնորդարանը հալեպահայ ժողովրդին հորդորել է մնալ բնակարաններում եւ խուճապի չմատնվել։ Հայերի շրջանում այս պահի տվյալներով տուժածներ չկան։