Հարյուրավոր զոհեր Եմենում
Մայրաքաղաք Սանհայի հարաւային հատուածին մէջ եղող «Սգոյ սրահ»ի մը վրայ եղած օդանաւային երկու գրոհներուն հետեւանքով զոհուած են հարիւրաւոր քաղաքացիներ: Նախնական տուեալներով զոհերուն թիւը հասած է 150-ի եւ այն կրնայ բարձրանալ մինչեւ 200-, մինչ վիրաւորներուն թիւը անցած 300-ը: Ցաւակցութիւն տալու համար այդ սրահը ուղղուած Շիիթ եէմէնցիներուն մէջ եղած է նաեւ Սանհա քաղաքի կառավարիչ ՝ Ապտըլ Քատէր Հիլալ, որ նոյնպէս զոհուած է: Կը նշուի նաեւ, որ զոհերուն մէջ կան տասնեակ երեխաներ: Յիշեցնենք, որ հուսիներու մօտիկ համարուող մէկէ աւելի աղբիւրրներ մեղադրած են Րիատի կազմած «արաբական դաշինք»ը , որպէս գլխաւոր պատասխանատու այս ծանրագոյն սպանդին: Արևելք
